Difference between revisions 757505 and 913030 on hywiki

{{Eastern Armenian|Նիկողոս Սարաֆյան}}

[[Պատկեր:Նիկողոս Սարաֆյան.jpg|150px|right|thumb|Նիկողոս Սարաֆեան]] 

'''Նիկողոս Սարաֆեան'''¦ (1902-1972), սփիւռքահայ գրող, բանաստեղծ։

==Գրողը<ref>Կիւլլիւճեան, Յակոբ։  "Արեւմտահայերէնի դասախօսական նօթեր" - UCLA. 2007.</ref>==
Նիկողոս Սարաֆեանը կարելի է նկատել [[Սփիւռք]]ի առաջին բանաստեղծը, եւ ոչ միայն ժամանակագրական կարգով, այլեւ դժուար գերազանցելի որակովը իր բանաստեղծական մտածողութեան եւ ատենին իր կատարած գեղագիտական նորարարութիւններուն։ 

Տասնամեակներէ ի վեր [[Սփիւռք]]ի թէ [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]]ի «հաստատութենական» մշակոյթը կա՛մ անտեսած է զինք, եւ կամ գիտակցաբար փորձած իր գրականութիւնը մոռացութեան մատնել։ Ասոր պատճառները հաւանաբար երկուք են.

- Ժամանակակից գրականութեան հետ քայլ պահող իր ստեղծագործութիւնը մասամբ անհասկնալի մնացած է հայկական լճացած շրջանակներու մէջ, եւ կամ անյարիր՝ [[Խորհրդային Հայաստան]]ի պաշտօնական չափանիշներուն։

- Նոր միջավայրի մէջ նոր ինքնութեան մը փնտռտուքը վտանգաւոր նկատուած է սփիւռքի մէջ մինչեւ այսօր տիրական «հայապահպանութեան» գաղափարախօսութեան կողմէ, որ այլամերժութիւնը եւ կղզիացումը կրօնքի վերածած ըլլալով՝ չէր կրնար հանդուրժել ազատ —եւ առողջ, ու հարուստ— մտածողութեան, որ պայման մըն է իսկական արուեստի գործերու յառաջացումին։

<br />
Սարաֆեանի [[բանաստեղծութիւն]]ը բանակցութիւն մըն է անցեալէն փախուստ տուող Եսի մը եւ օտարութեան հետ ընդունելի կապ հաստատելու ջանքին միջեւ։ Օտար ու անվայր ըլլալու զգացումը, որ ինքնութեան կը վերածուի, իր արմատները ունի Սարաֆեանի կենսագրութեան մէջ։ Ծնած է Պոլսէն մեկնող շոգենաւու մը մէջ, մեծցած Վառնա ([[Բուլղարիա|Պուլկարիա]]), ակնեցի ընտանիքի մէջ։ 12 տարեկանէն ետք զինք կը գտնենք [[Ռումինիա|Ռումանիա]], [[Օդեսա|Օտեսա]] ([[Ուկրաինա|Ուքրանիա]]), [[Ռոստով]] ([[Ռուսաստան|Ռուսիա]])։ 14-էն 17 տարեկան՝ ետ Վառնա է, ուրկէ 1919-ին կը մեկնի Պոլիս։ 17-էն 20 տարեկան Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ կ՚ուսանի որպէս ուսուցիչ ունենալով [[Հակոբ Օշական|Յակոբ Օշականը]], [[Վահան Թեքեյան|Վահան Թէքէեանը]], եւն.։ Դեռ չաւարտած, քեմալականներու կողմէ Պոլիսը գրաւուելէն առաջ կը մեկնի Պուլկարիա, Ռումանիա, եւ ի վերջոյ [[Փարիզ]], 21 տարեկանին, ուր պիտի աշխատի իբր տպարանի գրաշար (իր գիրքերէն մէկ քանին իր ձեռքով շարուած են, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով տողերու դրուածքին)։ Առաջին գիրքը պիտի հրատարակէ 26 տարեկանին։

Նիկողոս Սարաֆեանի գործին մէջ կարելի է տեսնել եւրոպական գրական շարժումներու անդրադարձը, առանց թէեւ տիրական ներկայութիւն մը գտնելու մէկէն կամ միւսէն։ [[Գերիրապաշտ]] ձեւեր եւ գոյութենապաշտ գաղափարներ կը գումարուին նախորդ դպրոցներէն եկած ազդեցութիւններու վրայ։ Փիլիսոփայելը, մտածելն ու բանաստեղծելը կը նոյնանան իր գործին մէջ, ինչպէս որեւէ ժամանակակից բանաստեղծի, ինչ որ հայ «կանոնական» գրականութեան մէջ իրեն կը վաստակէ «մտածող» կամ «ուղեղային» որակումը, ոչ թէ իբրեւ բնական երեւոյթ մը գրողի մը համար, այլ որպէս զարտուղութիւն մը ընդունուած գրական չափանիշներէն, կարծես թէ հեռուէն միայն դիտուելիք անբնականութիւն մը։

Սարաֆեանի սկզբնական քայլերուն մէջ էջ-առ-էջ ներդրումը կայ [[Յակոբ Օշական]]ի խորհուրդներուն, որ սակայն պիտի չուզէր ամբողջովին հասկնալ եւ գնահատել իր աշակերտին ստեղծագործութիւնը։ Իսկ այս եզերքէն, դժուար չէ անոր մասնակի ազդեցութիւնը նկատել [[Գրիգոր Պըլտեան]]ի սկզբնական շրջանի ստեղծագործութեան մէջ։

Սարաֆեան քիչերէն է որ ազատօրէն արուեստի մէջ կը դնեն իրենց ապրած ժամանակը, փորձելով դուրս գալ քլիշէ մտածելակերպերէ եւ արուեստի հասկացողութենէ։ Սակայն, ի տարբերութիւն այլ գրողներու, իր աւանդը դժուար թէ կարենայ խոր տարածում գտնել նոյնիսկ այսօր, որքան ատեն որ գեղարուեստական արտադրութիւններն ու մշակոյթը կը մնան հաստատութենական՝ establishment-ի հակակշռին տակ։

== Ստեղծագործութիւնները ==
===Բանաստեղծական երկեր===
*'''Անջրպետի մը գրաւումը''', 21 քերթուած, գրուած 1925-1927, հրատարակուած 1928ին (500 օրինակ)
*'''14''',  մէկ քերթուած տասնչորս հատուածներով, հրատարակուած 1933ին (250 օրինակ)
*'''Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն''', գրուած 1931-1938, հրատարակուած 1939ին (200 օրինակ)
*'''Միջնաբերդ''', գրուած 1940-46, հրատարակուած 1946ին (500 օրինակ)
*'''Միջերկրական''', հրատարակուած 1971ին (Ահեկան, Պէյրութ. առաջին տարբերակ մը 1962ին տպուած էր Բագին-ի մէջ)

===Բանաստեղծական արձակ===
*'''Վենսենի անտառը'''. հրատ. Նայիրի-ի մէջ, Հալէպ, (8-12) 1947։ Հատորի ձեւով հրատարակուած խմբագրութեամբ [[Գ. Պըլտեանի]], Փարիզ, 1988։

===Վէպ / վիպակ / այլ արձակ կարեւոր գրութիւններ (մէկ մասը միայն թերթերու մէջ)===
*'''Իշխանուհին''', Փարիզ, 1934
*'''Տեսարանները, մարդիկ եւ ես''', խմբ. Գ. Պըլտեան, Երկ, Երեւան, 1994
*'''Խարիսխէն հեռու''', (''Հայրենիք'')
*'''Մանուկ Դուինեան''' (''Նայիրի'')
*'''Ղուկաս այպանելին''' (''Զուարթնոց'')
*'''Լոյսի ցաւեր կամ Մեծն Տիգրան եւ Ամլութեան Սատանան''' (''Ակօս'')

==Մէջբերումներ Սարաֆեանէն==
Լաւագոյն բանաստեղծութիւնը այն է ինծի համար որ արտայայտութիւնն է ներքին մարդկային ողբերգական լինելութեան մը՝ յաւիտենական մարդուն մէջ։

==Աղբիւրներ==
<references/>

==Յղումներ==
*[http://www.zhamanak.com/article/5951/]

{{DEFAULTSORT:Սարաֆեան , Նիկողոս}}
[[Կատեգորիա:1902 ծնունդներ]]
[[Կատեգորիա:1972 մահեր]]
[[Կատեգորիա:Ֆրանսահայեր]]
[[Կատեգորիա:Հայեր]]
[[Կատեգորիա:Ֆրանսահայ արձակագիրներ]]
[[Կատեգորիա:Ֆրանսահայ բանաստեղծներ]]
[[Կատեգորիա:Վիքիպեդիա:Արևմտահայերեն հոդվածներ]]