Difference between revisions 109126 and 115590 on hywwiki{{ԱՀ}} {{կը խմբագրեմ|Giro Seraydarian}}⏎ == Անդրկովկասի Պաշտպանութիւնը == 1917-ին ծագած ռուսական յեղափոխութիւնը, որ ցարական իշխանութեան անկումը յառաջացուց, բազմաթիւ պատճառներու արդիւնք էր: Սակայն կարեւորագոյն պատճառներէն մէկը կը կայանար այն իրողութեան մէջ, որ Ռուսիա չէր կրցած ազգերու համախմբումէ մը կենդանի միութիւն մը ստեղծել: Չէր յաջողած՝ որովհետեւ կայսրութիւնը բաղադրող այլազան ժողովուրդներու մասնայատուկ նկարագիրը չկրցաւ ճանչնալ ու յարգել, ինչպէս ըրած էր Բրիտանական կայսրութիւնը: (contracted; show full) Մէկ միլիոն հայեր զոհուած էին, որպէսզի ուրիշ միլիոն մը հայեր կարենան ապրիլ իբրեւ ազատ մարդիկ: Ո՞ր ժողովուրդն է, որ իր անկախութիւնը ձեռք բերած է այս գինով: Ոչ իսկ Յունաստանը, որ ԺԹ. դարու սկիզբը 300.000 մարդկային կեանքեր կորսնցուց իր անկախութեան պատերազմին մէջ, ապահովելու համար 1830-ի 700 հազար հոգինոց յոյն փոքրիկ պետութեան գոյութիւնը: ⏎ ⏎ 10.000 քառ. քլմ. տարածութեամբ այս հողամասին վրայ, որուն բնակչութիւնը 1914-ին կը հասնէր 300.000-ի, բայց որ հիմա աւելի քան մէկ միլիոն բնակիչ կը հաշուէր՝ հարիւր հազարաւոր գաղթականներուն պատճառով, հայկական կառավարութիւնը մեծագոյն դժուարութեանց դէմ յանդիման կը գտնուէր: (contracted; show full) Վերաշահուած անկախութեան զգացումը ըլլայ երկրին մէջ եւ ըլլայ գաղթաշխարհը տարածքին վրայ՝ հայ ժողովուրդը կ'ոգեւորէ հզօր հայրենասիրութեամբ մը: Արտասահմանի բոլոր հայ գաղութներէն, Վրաստանէն, Պոլիսէն, Պալքաններէն, Եգիպտոսէն, Եւրոպայէն, Ամերիկայէն նուիրատուութիւններ եւ դրամագլուխ կը հասնէին դէպի Հայաստան, ինչպէս պաեւ կամաւորներ՝ որոնք կը փափաքէին մասնակցիլ նոր Պետութեան պաշտպանութեան եւ վերակառուցման գործին: == Հայաստան Դաշնակիցներուն Առջեւ == Երբ Գերմանիա եւ աւստրօ-հունգար, պուլկար եւ թուրք իր դաշնակիցները անձնատուր եղան 1918-ի աշնան, կասկածէ դուրս կը նկատուէր, թէ յաղթական մեծ պետութիւնները Հայաստանին պիտի ապահովէին այն արդարութիւնն ու հատուցումները, որոնց իրաւունք ունէր ան: Սակայն այս խոստումները շատ չանցած սին եւ իմաստէ զուրկ դուրս եկան: Ահա թէ ի՛նչ ձեւով Ուինսթըն Չըրթիլ նկարագրած է հանդիսաւոր այդ պահու ընդանուր մտայնութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող զարմանալի սնանկութիւնը. «Հասած կը նկատուէր այն ժամը երբ հայերը պիտի գտնէին արդարութիւն եւ իրենց հայրենի օճախներուն մէջ խաղաղ ապրելու իրաւունքը: Անոնք որոնք իրենց հալածիչներն ու բռնակալներն էին եղած, պարտուած էին պատերազմով կամ յեղափոխութեամբ: Յաղթական մեծ տէրութիւնները հայոց դաշնակիցներն էին իւ պիտի ապահովէին, որ արդարութիւնը գործադրուէր: Անըմբռնելի կը թուէր իրապէս, որ դաշնակից հինգ մեծ տէրութիւնները ի վիճակի չըլլան իրենց կամքը գործադրել տալու: Սակայն ա՛յս է, որ պատահեցաւ: Երբ Փարիզի վեհաժողովին յաղթողները Հայկական Հարցին հասան, անոնց միութիւնը լուծուած էր, անոնց բանակները՝ ցրուած եւ անոնց որոշումները աւելի չէին կշռէր քան դատարկ խօսքերը»: Այս սնանկութեան պատճառ դարձաւ յապաղումներու, սխալներու, կարգ մը շահերու հետապնդման ողբերգական յաջորդականութիւն մը, ինչպէս նաեւ գլխաւոր դաշնակիցներէն մէկուն՝ Ռուսիոյ բացակայութիւնը Փարիզի խորհրդաժողովէն: 1918 Հոկտեմբեր 30-ին, Թուրքիոյ հետ յանուն Դաշնակիցներուն Անգլիոյ ստորագրած Մուտրոսի զինադադարը արդէն իսկ Հայաստանի լքումին առաջին քայլը կը ներկայացնէր: Անշուշտ, այս զինադադարի տրամադրութիւնները Թուրքիոյ կը պարտադրէին ազատ արձակել հայ գերիներն ու արգելափակեալները դաշնակից գերիներուն հետ միասին եւ պարպել Անդրկովկասը: Սակայն այս զինադադարը, հակառակը ըլլալով գերման, աւսրօ-հունգար եւ պուլկարական զինադադարներուն, թուրք բանակի զինաթափումը չէր ապահովէր: Ասկէ զատ, չէր պահանջէր Թրքահայաստանի պարպումը թրքական բանակին կողմէր, ոչ ալ թուրք պատերազմական ոճրագործներու յանձնումը: Ինչպէս որ շեշտած է արաբ պատմագէտ մը, այս զինադադարը իրականութեան մէջ կը ներկայացնէր Հայաստանի հանդէպ Դաշնակիցներու դասալքութեան առաջին քայլը: Աւելին. երբ Փարիզի մէջ գումարուեցաւ Խաղաղութեան վեհաժողովը, «պատերազմիկ» կոչուող տէրութեանց պատուիրակութեանց մէջ կը գտնուէին Փանամայի եւ Լիպերիոյ հանրապետութիւնները, բայց ո՛չ Հայաստանը, որ այնքա՜ն արիւն թափած էր Դաշնակիցներու դատին համար: Իրենց դատը պաշտպանելու համար հայերը Փարիզ ղրկեցին երկու պատուիրակութիւններ. մէկը՝ '''Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւն'''ը Ա. Ահարոնեանի նախագահութեամբ եւ միւսը՝ '''Հայ Ազգային պատուիրակութիւն'''ը, որ կը ներկայացնէր Թուքիոյ եւ գաղութներու հայութիւնը՝ Պօղոս Նուպար Փաշայի ղեկավարութեամբ: Հայութեան ներկայացուցիթները ստիպուեցան պայքարելու հետզհետէ աւելի բացայայտ դարձող կարգ մը շահերու դէմ, որոնց նպատակն էր փրկել ամէն ինչ, որ կարելի էր փրկել Օսմ. կայսրութեան հողային ամբողջականութենէն: ⏎ ⏎ == Ծանօթագրութիւններ == «''Հայոց Պատմութիւն, Հրանդ Փաստրմաճեան, Դ. Տպագրութիւն''» All content in the above text box is licensed under the Creative Commons Attribution-ShareAlike license Version 4 and was originally sourced from https://hyw.wikipedia.org/w/index.php?diff=prev&oldid=115590.
![]() ![]() This site is not affiliated with or endorsed in any way by the Wikimedia Foundation or any of its affiliates. In fact, we fucking despise them.
|