Difference between revisions 109586 and 115541 on hywwiki{{անաղբիւր}} {{միացնել|Ողբերգութիւն (թատրոնի ժանր)}}⏎ '''Ողբերգութիւն (թատրոն)''', թատերգական այս տեսակը կը ցուցադրէ կեանքի պատկերներ՝ իրականութեան տխուր երեսներու խտացած ներկայացումով ու անխուսափելի ողբերգական վերջաւորութեամբ (մինչ՝ այլ տեսակներ, ողբերգական դրուագներ կը ներկայացնեն պարագայաբար միայն)։ Ողբերգութիւնը՝ հնադարեան դիցաբանական ժամանակներէն, ժառանգ հասած է [[Հելլենականություն|հելլէն]] դասական գրականութեան։ Այդ դասական շրջանին է, որ անիկա ստացած է իր առաջին գրական կայուն ձեւը։ Դիցաբանական խորքի վրայ, գլխաւոր գործող անձը՝ ողբերգական հերոսը, մարդկային արտասովոր տիպար էր առհասարակ։ Ան կ՛ապրէր ճակատագրական բախում մը, կը գործէր ճակատագրական սխալ մը, զոր իր կործանումը կը բերէր։ Հետեւելով անհատական իր ճակատագրին, հանդիսատեսին մէջ ան կը ստեղծէր կարեկցութիւն մը, որ գեղագիտական յուզումին ու բարոյական իտէալին միացած, կ՛ունենար զգալի դաստիարակիչ ազդեցութիւն։ Հակառակ իրենց այս մասնայատկութիւններուն, հնադարու հելլէն մեծ ողբերգակներու գործերը, յաջողեցան ընել մարդկային-ժառանգութիւն։ Փոխանցուեցան ու մնացին անփոփոխ՝ յետագայ դարերուն եւ հազարամեակներուն, տեսակի հոլովոյթին ու ձեւաւորումներում մէջ։ Ողբերգութիւնը երկրորդ ծնունդ մը ունեցաւ նոր ժամանակներուն, [[Եվրոպա|Եւրոպական]] [[Վերածնունդ]]ի մթնոլորտին մէջ։ [[16րդ դար]]ուն՝ [[Անգլիա]]ն ([[Ու. Շէյքսփիր]]), իսկ աւելի ետք՝ [[Ֆրանսա]]ն ([[Փ. Քորնէյ]], [[Ժ. Ռասին]]), [[Գերմանիա]]ն ([[Շիլլէր]], [[Կէօթէ]]), [[Ռուսիա]] ([[Պուշկին]]) եւն., նոր ձեւեր տուին անոր։ Հայ նոր գրականութիւնը, որուն առաջին քայլերուն՝ սպառման փուլին ողբերգութիւնը, իբր տեսակ մօտեցած էր, չէ արտադրած ուշագրաւ ողբերգական գործեր։ [[Կատեգորիա:Թատերական սեռեր]] All content in the above text box is licensed under the Creative Commons Attribution-ShareAlike license Version 4 and was originally sourced from https://hyw.wikipedia.org/w/index.php?diff=prev&oldid=115541.
![]() ![]() This site is not affiliated with or endorsed in any way by the Wikimedia Foundation or any of its affiliates. In fact, we fucking despise them.
|