Difference between revisions 138983 and 138984 on hywwiki

{{ Տեղեկաքարտ Անձ
| անուն ազգանուն = 
| բնագիր ԱԱՀ = 
| պատկեր = 
| չափ = 
| նկարագրութիւն = 
| ծնած է = 1915
| ծննդավայրը = Խտըր¬Պէկ, Մուսա Լեռ
| վախճանած է = 
| վախճանի վայրը =
| մահացած է = 13 Հոկտեմբեր 1966
| մահուան վայրը = 
| քաղաքացիութիւն = 
| հպատակութիւն = 
| ազգութիւն = Հայ
| ալմա մատեր =
| կրօնք = 
| ազդուած է = 
| ազդած է = 
| գիրքեր = 
| աշխատանք = 
| կարողութիւն = 
| մասնագիտութիւն = 
| ամուսին =  
| ծնողներ = 
| երեխաներ = 
| պարգեւներ եւ մրցանակներ = 
| կայքէջ = 
| ստորագրութիւն =
}}

[[Եդուարդ Պոյաճեան]]  (ծնած է Խտըր¬Պէկ, 1915 - մահացած է 1966 Պէյրութ, Լիբանան) բանաստեղծ, կրթական մշակ եւ մամուլի աշխատակից:

== Կենսագրութիւն ==

Մանկութեան չորս տարիները [[Եդուարդ Պոյաճեան]]  անցուց Փոր Սայիտ, [[Եգիպտոս]], վրաններու տակ, ուր ֆրանսական փրկարար ռազմանաւերը փոխադրած էին '''Մուսա Լերան'''  հերոսական ժողովուրդը։ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին իրենց ծննդավայրը վերադարձած մուսա¬լեռցիներուն հետ, Պոյաճեաններու ընտանիքը եւս վերահաստատուեցաւ Խտըր¬Պէկ, ուր Եդուարդ ստացաւ իր նախնական կրթութիւնը՝ ծննդավայր գիւղի եւ հարեւան '''Օղուն¬Օլուք'''ի «երկու համեստ վարժարաններուն մէջ»։

[[Եդուարդ Պոյաճեան]] 14 տարեկանին, ուսումնատենչ եւ գրելու շնորհքով օժտուած պատանի, Պոյաճեան ղրկուեցաւ [[Պէյրութ]], Համազգայինի նորաբաց Հայ Ճեմարանը, բարձրագոյն իր ուսումը ստանալու համար։ Շանթի, Աղբալեանի եւ Ճեմարանի հիմնադիր սերունդի շունչին տակ կազմաւորուեցաւ եւ ծաղկեցաւ գրական¬գեղարուեստական եւ ազգային¬քաղաքական նկարագիրը երիտասարդ հայ գրողին։ 

1930էն 1935, [[Եդուարդ Պոյաճեան]] մնաց Ճեմարան, ուր տակաւին ուսանող՝ սկսաւ աշխատակցիլ ժամանակի հայ մամուլին, Պոսթընի «[[Հայրենիք (թերթ, Պոսթըն)|Հայրենիք]] Ամսագիր»ին, Փարիզի «Յառաջ»ին եւ Պէյրութի «[[Ազդակ (օրաթերթ)|Ազդակ]]»ին։

1932ին լոյս տեսաւ իր առաջին աշխատակցութիւնը։

1935ին, աւարտելով Ճեմարանը, [[Եդուարդ Պոյաճեան]] նետուեցաւ ուսուցչական ասպարէզ՝ մինչեւ մահ նուիրուելով նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարութեան սրբազան գործին։ Ուսուցչական առաքելութեամբ գործեց '''Սուրիոյ Թէլ Ապեատ''' գիւղին, ծննդավայր '''Խտըր¬Պէկ'''ի, Այնճարի, Հալէպի, Քեսապի եւ Պէյրութի մէջ։ Հասցուց սերունդներ, որոնք կապուեցան հայ գրականութեան եւ մշակոյթին՝ պաշտամունքի աստիճան փարելով ազգային մեր արժէքներուն։ Ունեցաւ աշակերտներ, որոնք տիպար ուսուցիչի եւ տաղանդաւոր գրողի իր կերպարն ու ժառանգութիւնը կեանքի ուղեցոյց դարձուցին։

== Գրական¬-ստեղծագործական աշխատանք ==
Ուսուցչական իր ծառայութեան զուգահեռ՝ [[Եդուարդ Պոյաճեան]] թափ տուաւ գրական¬ստեղծագործական աշխատանքին։ Մնայուն աշխատակցութիւն բերաւ Կ. Սասունիի եւ Մ. Իշխանի խմբագրած «Ազդակ Շաբաթօրեակ»ին, Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի»ին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ»ին, Համազգայինի «Ակօս»ին եւ Մանուկ Ասլանեանի «Ազդարար»ին։ Մաս կազմեց «Բագին» ամսագրի հիմնադիր եռանդամ խմբագրութեան՝ Կարօ Սասունիի եւ Պօղոս Սնապեանի հետ։



== Ստեղծագործութիւններ ==
Հայ լեզուն իր ամբողջ հմայքով ու գանձերով ճառագայթեց [[Եդուարդ Պոյաճեան]]ի գրականութեան էջերէն, ուր բանաստեղծական շունչն ու պատկերաւոր խոհականութիւնը ամբողջապէս կը գրաւեն ու իրենց հմայքով կը խռովեն ընթերցողի միտքն ու հոգին։

1944ին լոյս ընցայեց իր առաջին հատորը՝ «Սէր եւ Վիշտ»ը, որուն յաջորդեցին «Հողը» (1948), «Պայքարողներ, պայքարողներ դուք գազազած» (1958), «Թուղթ Զաւակներուս» (1961), «Տոմար Տարագրի» (1963) եւ «Երկու Նամակ» (1964) գործերը։ Իսկ յետ մահու, [[Եդուարդ Պոյաճեան]]ի գործերէն լոյս տեսան «Դէմքեր» (1967), «Երկեր ¬ Ա. հատոր» (1968), «Ծննդավայր Կորուսեալ» (1984), «Ընտրանի» (Երեւան, 1994), «Կեանքի Ափերէն» (1995) եւ, քանի մը տարի առաջ, «Դուն» ժողովածուները։ «Կորուսեալ Ծննդավայրին»՝ հայրենի բռնագրաւեալ Հողին ինքնուրոյն բանաստեղծը եղաւ [[Եդուարդ Պօյաճեան|Եդուարդ Պոյաճեան]]։

Աւանդապահութիւնն ու նորարարութիւնը, զգացականութիւնն ու խոհականութիւնը, անցելապաշտութիւնը եւ վերաթարմացումը, հայրենաբաղձութիւնն ու մարդկայնապաշտութիւնը եզակի համադրումի արժանացան իր գրականութեան մէջ։
Ընկալեալ իմաստով գիւղագիր մը չեղաւ, այլ հողի մարդիկը ապրեցուց եւ շնչաւորեց՝ Երկրորդ Աշխարհամարտին յաջորդած դարաշրջանի մեծ հոգերով ու խնդիրներով։

Հայ ժողովուրդի ազգային արժանաւորութեան եւ մշակութային կենսունակութեան պատգամաբերը դարձաւ, առանց որ անձնատուր ըլլայ անցեալի մեծ ժառանգութիւնը պարզապէս ըմբոշխնելու եւ սպառելու փորձութեան ու կարօտախտին։
Անցեալին նայեցաւ ու նուաճուած արժէքներուն փարեցաւ՝ ներկայի խնդիրները ուղիղ ճակատէն դիմագրաւելու, ինքնահաւատարմութեամբ առաջնորդուելու եւ նոր ժամանակներուն հետ քայլ պահելու, վաղուան սեփական ուղին հարթելու հաստատակամութեամբ։

Բայց մանաւանդ անխոնջ պայքարող մը եղաւ [[Եդուարդ Պոյաճեան]] ընդդէմ կեղծ արժէքներուն՝ խարանելով փարիսեցիական «պաշտամունքը» հայ մշակոյթին, գրականութեան ու ազգային աւանդներուն։

== Մեծ Եղեռնի քառասնամեակին առիթով գրուած Եդուարդ Պոյաճեանի «Արիւն ու Խելք» յօդուածը ==

Սփիւռքահայ տաղանդաւոր բանաստեղծին՝ [[Եդուարդ Պոյաճեան]]ի յիշատակը ոգեկոչելով՝ ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնենք 

'''Արիւն ու Խելք'''

Ապրիլ 24ի Եղեռնը բախեցաւ մեր ազգային հոգեկան արժէքներու հզօր դիմադրականութեան: Ընդհանրական ոճիրներու եւ կոտորածի մոլութիւն ունեցող մեր թշնամին հալածեց մեզ, եւ սուրիական անապատներու սգապատ տարածքներուն վրայ անոր բովանդակ քսութիւնը դպաւ հայկական կամքի հազարամեայ պրոնզին:
Ընկրկեցաւ:Նահանջեց:

Պարտուեցաւ:

Ապրեցանք մենք… նաեւ ապրիլ 24էն ետք:

Եւ այս էր ահա, որ շշմեցուցիչ եղաւ թշնամիին համար:

Տէր Զօրի մեր մռայլ պատմութիւնը իր թանձրագոյն իրականութեամբը կը մնայ անհաւատալի հեքիաթ մը միայն` սա ապաբարոյ ու վատ դարաշրջանի մարդկութեան համար:

Որովհետեւ որեւէ իրականութիւն պիտի չկրնար այս աստիճան անբնական կերպարանքներու ներքեւ յանձնուիլ պատմական երեւոյթներու հոսանքին:

Թող հրէշային ախորժակներով ժամանակակից մարդկութիւնը Ապրիլ 24ը նկատէ հայկական սարսափներու անհաւատալի հեքիաթ մը:

Հոգ չէ:
Այդ արտասուալի ու մութ հեքիաթը մենք վերածած ենք ասկէ ետք համազգային զայրոյթի անծայրածիր զինարանի մը, ուրկէ Անկախութեան արեգակներ պիտի պոռթկան` ծածկելու համար լոյսով ու ջերմութեամբ, արիւնաթաթաւ ու ցուրտ ճանապարհները մեր պատմութեան, ինչպէս բերկրանքի անուշ առաւօտ մը պատահեցաւ ատիկա:

Կա՛նք:

Պիտի մնա՛նք:

Վճռած ենք ատիկա:

Մեր վերջին խօսքն է, որ ահա առաջ կ՛ըսենք:

Ապրելու մեր հաւատամքին իբրեւ խարիսխ` ունինք մեր պատմութիւնը, սկիզբէն մինչեւ այսօր:

Սեւ փոթորիկը չկրցաւ բնաջինջ ընել մեզ:

Քանի մը տարի ետք, հեղեղային շքեղութեամբ Մայիսին, աշխարհ տեսաւ, թէ կորսուած հայը ստեղծած է իր Անկախութիւնը: Կը քալէ բարձրագլուխ ու պայծառ դրօշով, յաղթական Եռագոյնով:

Արդ`

Եղերական միլիոնի մը սեւ թուականը` անդրադարձած հայութեան վրայ նախ որպէս յաւիտենական սուգ եւ բարկութիւն, եղած է տարիներու ընթացքին ու կը շարունակէ ըլլալ որպէս ազատ ազգ ապրելու կատաղի կամք մը, մեր ամէնէն յստակ գիտակցութիւններէն մէկը:

Անվիճելի իրողութիւն է այսօր, թէ ոճիրի եւ քսութեան անմոռանալի թուականէն ետք, ազգային ազատ կեանքի գիտակցութիւնը մեծապէս ընդհանրացած, արմատացած է հայուն հաւաքական էութեան մէջ:

Ապրիլ 24ը հայութեան ամէնէն տխուր թուականը եղաւ:

Քառասուն տարի ըսինք ասիկա իրարու, ըսինք աշխարհին:

Քանի մը տասնամեակ լացինք միայն, քանի մը տասնամեակ զայրացանք միայն:

Բայց քիչ մտածեցինք` առողջ դասեր առնելու համար անկէ:

Եթէ նախ քան այդ թուականը մենք աւելի լաւ ճանչնայինք մեր թշնամին, եթէ գիտնայինք, որ իր շահուն համար ան ընդունակ է լաւագոյն ճամբայ նկատելու հայուն ամբողջական բնաջնջումը, հաւանաբար խնայուէր մեզի ապրիլեան այսքան զարհուրանք, այսքան անբաղդատելի կորուստ:

Եթէ կրցանք վերապրիլ, բազմանալ ու զօրանալ նորէն, ատիկա կը պարտինք ոչ այնքան մեր քաղաքական հասունութեան, քան` հայու այն մաքուր արիւնին դիմադրական ուժին, եւ առաքինութիններուն:

Բայց եթէ կ՛ուզենք իսկապէս անպարտելի դառնալ, իսկապէս օգտակար դաս մը հանել Ապրիլ 24էն, հարկ է հայուն մաքուր արիւնին վրայ գումարել քաղաքական շատ աւելի բարձր հասունութիւն մը, քան ունինք այսօր:

Լալը սորվեցանք ու կիրարկեցինք մեր փրկութեան համար:

Տեսանք, որ օգուտ չ՛ըներ:

Վրէժ բառին իմաստն ալ լաւապէս ուսումնասիրեցինք:

Ան ալ ամէն բան չէ:

Պէտք է համոզուինք այլեւս, որ հայուն հին ու մաքրամաքուր արիւնը ամէն բանէ աւելի պէտք ունի խելքի:

Վասնզի կեանքին բոլոր զէնքերը մաքուր արիւնի մը հետ գործող զօրաւոր խելքի մը մէջ են ի վերջոյ:

Եթէ կ՛ուզենք հասնիլ մեր ազգային իտէալներուն, պէտք է տեւաբար գործակից ըլլան իրարու երկու բան.- Արիւն ու Խելք...

1955

== Աղբիւրներ ==
[http://archive.azator.gr/index.php/yushatetr/13911-1915-1966 Եդուարդ Պոյաճեան (1915-1966). Կորուսեալ հայրենիին իմաստասէր բանաստեղծը]


== Արտաքին յղումներ ==

{{DEFAULTSORT:Պոյաճեան,Եդուարդ}}
[[Կատեգորիա:1915 Ծնունդներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Խտըր¬Պէկ ծնածներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Մամուլի աշխատակից (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Կրթական մշակ(արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հրատարակիչ(արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Գրող (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Մտաւորական (արւմտ․)]]