Difference between revisions 166554 and 166555 on hywwiki

{{ Տեղեկաքարտ Անձ
| անուն ազգանուն = Տողան Աքհանլը
| բնագիր ԱԱՀ = 
| պատկեր = | չափ = 
| նկարագրութիւն = 
| ծնած է = 1957-ին
| ծննդավայրը =  ներկայի Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Շաւշաթ գաւառը:
| մահացած է = 
| մահուան վայրը = 
| քաղաքացիութիւն = Գերմանիա
| հպատակութիւն = 
| ազգութիւն = Թուրք
| ալմա մատեր =
| կրօնք =  
| ազդուած է = 
| ազդած է = 
| գիրքեր = 
| աշխատանք = թուրք յայտնի գրող եւ իրաւապաշտպան 
| կարողութիւն = 
| մասնագիտութիւն = 
| ամուսին =  
| ծնողներ = 
| երեխաներ = 
| պարգեւներ եւ մրցանակներ = «Տիրամօր վերջին երազը» վէպը արժանացած է «Հիւրրիէթ»-ի 2009-ի մրցանակին
| կայքէջ = 
| ստորագրութիւն =
}}

Տողան Աքհանլըն ծնած է 1957-ին, Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Շաւշաթ գաւառը: Տողան Աքհանլը Թուրք յայտնի գրող եւ իրաւապաշտպան: ձախակողմեան գաղափարներու տէր : 1915-ին տեղի ունեցած հայերու զանգուածային կոտորածներուն «ցեղասպանութիւն» բնորոշումը եւ աշխուժ կերպով պայքար կը մղէ որպէսզի Թուրքիան ճանչնայ ցեղասպանութիւնը»:

{{քաղուածք|«Շատ բան ունիմ ըսելիք Թուրքիոյ մէջ գործող իրաւական համակարգին մասին: Դատավարութիւնս կը շարունակուի ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ|Տողան Աքհանլը}}

{{քաղուածք| «Ես կը խօսիմ երկու նիւթերու մասին, որոնք Թուրքիոյ մէջ սուիններով կը դիմաւորուին: Առաջինը` ես ձախակողմեան գաղափարներու տէր եղած եմ: Եւ երկրորդը` 1915-ին տեղի ունեցած հայերու զանգուածային կոտորածներուն կու տամ «ցեղասպանութիւն» բնորոշումը եւ աշխուժ կերպով պայքար կը մղեմ, որպէսզի Թուրքիան ճանչնայ ցեղասպանութիւնը»:|Տողան Աքհանլը}}

== Կենսագրութիւն ==

Տողան Աքհանլըն ծնած է 1957-ին, ներկայի Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Շաւշաթ գաւառը: 1985-1987 թուականներուն ան իր ձախակողմեան հայեացքներուն պատճառով Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած է` որպէս ընդդիմադիր եւ կտտանքներու ենթարկուած` թրքական բանտին մէջ: 

1992-ին արտագաղթած է [[Գերմանիա]] եւ մինչ օրս կ՛ապրի Քէօլն քաղաքին մէջ:

Աքհանլըն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ իր քաղաքական հայեացքներուն պատճառով երկար տարիներ չէր կրնար այցելել Թուրքիա: Ան 2005-ին այցելած  է Հայաստան:

== Ստեղծագործութիւններ եւ Հրատարակութիւններ ==

Տողան Աքհանլըին վէպերը Թուրքիոյ մէջ ընդգրկուած են լաւագոյններու շարքին մէջ: 

2005-ին անոր հեղինակած «Տիրամօր վերջին երազը» վէպը արժանացած է «Հիւրրիէթ»-ի 2009-ի մրցանակին: 2005-ին թուրք գրաքննադատները անոր այս գիրքը դասած են 10 լաւագոյն վէպերու շարքին:

[[Երեւան]]ի Մէջ Լոյս Տեսած Է Թուրք Մտաւորական Տողան Աքհանլըի` Ցեղասպանութեան Մասին Գիրքի Հայերէն Թարգմանութիւնը

[[Հայաստան]]ի մէջ հրատարակուած է [[Գերմանիա]] բնակող թուրք մտաւորական Տողան Աքհանլըի «Ահեղ դատաստանի դատաւորները» գիրքին (թուրք.` «Kıyamet Günü Yargıçları ») հայերէն թարգմանութիւնը: Գիրքին թարգմանիչը եւ մեկենասն է Սոնա Զաքարեանը: Գիրքը լոյս տեսած է «Նոյեան տապան» հրատարակչութեան կողմէ Երեւան, 2018 : Սոյն գիրքի թրքերէն տարբերակը հրատարակուած է 1999 թուականին, Պոլսոյ մէջ, «Պելկէ» հրատարակչութեան կողմէ:

1998-1999 թուականներուն թրքերէն լոյս տեսած էր անոր «Անհետացած ծովերը» ընդհանուր վերնագրով եռագրութիւնը, որ կը ներառէ «Սպասելով ծովը», «Կակաչներու դաշտը», «Ահեղ դատաստանի դատաւորները» ստեղծագործութիւնները:

== «ԿէՕԹէ» Հիմնարքի մրցանակը ==
Ցեղասպապութեան մասին գրած թուրք գրողը ԹՈՒՐՔ ԳՐՈՂԸ «ԿէՕԹէ» հիմնարկի մրցանակը պիտի ստանայ: Ամէն տարի,  Գերմանիոյ «Կէօթէ» հիմնարկին կը ներկայացուին թեկնածուներ, որոնց ստեղծագործութիւնները կը խրախուսեն
մշակոյթներու միջեւ երկխօսութիւնը։ 2019-ին, հիմնարկը հեղինակներու տրամադրուող իր շքանշանը պիտի շնորհէ թուրք ծա գումով գերմանացի գրագէտ Տօղան Աքհանլըին։ Ուշագրաւ է, որ անոր թեկնածութիւնը առաջադրուած է Հայաստանի կողմէ։ Այս մասին կը հաղորդէ պոլսահայ «Մարմարա»-ն։

2018-ին, Աքհանլը Երեւանի «Կէօթէ» հիմ -նարկին հրաւէրով այցելեց Հայաստան, ապա նոյն հիմնարկին կողմէ այս մրցանակին թեկնածու առաջադրուեցաւ։

== Աղբիւրներ ==
* [https://www.yerepouni-news.com/2018/11/23/%d5%a5%d6%80%d5%a5%d6%82%d5%a1%d5%b6%d5%ab-%d5%b4%d5%a7%d5%bb-%d5%ac%d5%b8%d5%b5%d5%bd-%d5%bf%d5%a5%d5%bd%d5%a1%d5%ae-%d5%a7-%d5%a9%d5%b8%d6%82%d6%80%d6%84-%d5%b4%d5%bf%d5%a1%d6%82%d5%b8%d6%80%d5%a1/Երեւանի Մէջ Լոյս Տեսած է Թուրք Մտաւորական Տողան Աքհանլըի` Ցեղասպանութեան Մասին Գիրքի Հայերէն Թարգմանութիւնը]

* [http://archive.aztagdaily.com/archives/18030 «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒՍ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ԶԻՍ ՑԿԵԱՆՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԱՔՀԱՆԼԸ]

[http://khosnag.org/pdffiles/june2019.pdf  324 01-254323 ԽՕսՆԱԿՅՈՒՆԻս 2019  ցՑԵՂԱսՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱսԻՆ ԳՐԱծ ԹՈՒՐՔ ԳՐՈՂԸ «ԿէՕԹէ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՄՐցԱՆԱԿԸ ՊԻՏԻ սՏԱՆԱՅ ԽՕսՆԱԿ ՅՈՒՆԻս 2019]

[[Ստորոգութիւն:Աքհանլը,Տողան]]
[[Ստորոգութիւն:Թուրք Մտաւորական]]
[[Ստորոգութիւն:ձախակողմեան հայեացքներ]]
[[Ստորոգութիւն:Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած որպէս ընդդիմադիր]]