Revision 107389 of "Անդրէաս Աղէքսանդրեան" on hywwiki

{{Տեղեկաքարտ Անձ}}
Այս աշխատութեան շրջագիծէն դուրս է [[Զմմառ]]ի վանքին ու կաթոլիկ համայնքին կղերներուն, նոյն իսկ անոնց կարեւորագոյններուն, ըլլա՛ն անոնք կաթողիկոս, պատրիարք ջէ վարդապետ, կենսագրութիւնը եւ գործունէութիւնը տալ, նախ անոր համար որ այս աշխատութիւնը կրօնական կամ համայնքային բպոյթ չունի, եւ երկրորդ՝ նման աշխատութիւն մը, նոյն իսկ իր համառօտ ձեւին մէջ, պիտի պահանջէր զատ հատոր մը, որովհետեւ բազմաթիւ են հոն տեղ գտնելիք կղերականները։ Այդ գործը կը ձգենք Զմմարի ժրաջան վարդապետներուն, յուսալով որ օր մը թէ՛ իրենց համայնքին կղերականներուն կենսագրութիւնը ընդարձակ հատորով մը կը ներկայացնեն հանրութեան(*): Մինչ այդ, ընթերցասէր հասարակութեան կուտանք Զմմառի վանքին մէկ համառօտ պատմականը եւ անոր ամենագործունեայ, զարգացած եւ հանրութեան օգտակար կղերականներէն մէկուն՝ Անդրէաս Գերապայծառ Աղէքսանդրեանի կենսագրականը։

Աւազանի անունով Գէորգ, Անդրէաս Գէրապայծառ ծնած է Կիւրին՝ Յունուար 4, [[1835]]-ին։ Հօր անունը Յարութիւն, իսկ մօր անունը Աննա է։ Եղած է օրինակելի պատանի մը։ Պզտիկ տարիքէն կրօնական հակում կ՛ունենա<ref>{{Գիրք:Հայերը Լիբանանի մէջ|հատոր|էջ330}}</ref> յ։

== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}

{{անաւարտ}}

[[Կատեգորիա:Հայեր (արւմտ․)]]