Revision 109126 of "Հայաստանի Յարութիւնը" on hywwiki{{ԱՀ}}
{{կը խմբագրեմ|Giro Seraydarian}}
== Անդրկովկասի Պաշտպանութիւնը ==
1917-ին ծագած ռուսական յեղափոխութիւնը, որ ցարական իշխանութեան անկումը յառաջացուց, բազմաթիւ պատճառներու արդիւնք էր: Սակայն կարեւորագոյն պատճառներէն մէկը կը կայանար այն իրողութեան մէջ, որ Ռուսիա չէր կրցած ազգերու համախմբումէ մը կենդանի միութիւն մը ստեղծել: Չէր յաջողած՝ որովհետեւ կայսրութիւնը բաղադրող այլազան ժողովուրդներու մասնայատուկ նկարագիրը չկրցաւ ճանչնալ ու յարգել, ինչպէս ըրած էր Բրիտանական կայսրութիւնը:
Փետրուարեան այս Յեղափոխութիւնը ազատութեան դարաշրջան մը բացաւ ամբողջ կայսրութեան մէջ եւ ազատագրուած Թրքահայաստանի վարչութիւնը յանձնեց Թրքահայոց ձեռքը:
Այսուհանդերձ, 1917 Հոկտեմբերին, ժամանակաւոր կառավարութիւնը տապալեցաւ համայնավար պետական հարուածով:
Սակայն Անդրկովկասի մէջ, ինչպէս կայսրութեան սահմանակից միւս շրջաններուն, համայնավարները իշխանութեան չկրցան հասնիլ պետական հարուածով: Ռուս Սահմանադիր Ժողովի ընտրութիւնները ցոյց տուած էին Դաշնակցական կուսակցութեան գերակշռութիւնը հայկական նահանգներուն մէջ, վրաց սոցիալ-դեմոկրատ կուսակցութեան՝ Վրաստանի նահանգներուն մէջ եւ Մուսաւաթ կուսակցութեան՝ թաթարական նահանգներուն մէջ:
Ս. Փեթերսպուրկի ժամանակաւոր կառավարութեան անկումէն ետք, այս կուսակցութիւնները մերժեցին յարիլ համայնավարական նոր իրաւակարգին եւ ստեղծեցին Անդրկովկասեան ժամանակաւոր կառավարութիւն մը, «''Անդրկովկասեան Կոմիսարիատ''» անունով: Անդրկովկասեան խորհրդարան մը («''Սէյմ''») հաստատուեցաւ նոյնպէս, ուր զանազան կուսակցութիւններ ունեցան իրենց աթոռները Սահմանադիր Ժողովի ընտրութեանց ընթացքին ստացած ձայներու թիւին համեմատութեամբ: Անդրկովկասի ղեկավարներու մտքին մէջ ասիկա փոխանցման վարչակարգ մըն էր, որովհետեւ հայերը եւ վրացիները չէին ուզեր Անդրկովկասի անկախութիւնը, այլ կը փափաքէին հասարակապետութեան իրաւակարգ նը իրենց երկիրներուն համար, որոնք կապուած պիտի մնային Ռուսիոյ, դաշնակցային կապով մը:
Կովկասի ռուս բանակը, որ գրաւած էր ազատագրուած Թրքահայաստանը, այդ շրջանին քայքայման մէջ էր. զիրուորները կը լքէին իրենց միաւորները՝ Ռուսիա վերադառնալու համար: Նոր կառավարութեան առաջին գործը եղաւ իր սեփական միջոցներով ստեղծել բանակ մը, որ կարենար պահել թրքական ճակատը: Ազրպէյճանցիները մերժեցին կռուիլ իրենց ցեղակից թուրք եղբայրներուն դէմ. վրացական սոցիալ-դեմոկրատ կուսակցութիւնը կը հետեւէր խաղաղասիրական գաղափարաբանութեան, որով կռուին գրեթէ ամբողջ ծանրութիւնը ինկաւ հայոց վրայ:
Հայկական ազգային բանակը կը վերապրեցնէր ցեղին զինուորական հին աւանդութիւնները եւ իր մէջ կը կրէր ապագայ Հայ պետութեան խոստումն ու յոյսը: Հրամանատարութեանը տակ իր պետերուն՝ զօր. Նազարբէկեանի, զօր. Անդրանիկի,- հայ Կարպիպալտին,- եւ գնդապետ Մորելի, ռուս մեծ զինուորական մը, որուն անունը այսուհետեւ կապուած պիտի մնայ հայկական բանակին, իբրեւ անոր ստեղծիչներէն մէկը, 1918-ի սկիզբէն իսկ հայկական բանակը գրաւեց Թրքահայաստանի ճակատը: Քայլ առ քայլ կռուելով 400 քիլոմեթր տարածութեան մը վրայ՝ ան պաշտպանեց ազատագրուած Թրքահայաստանը եւ Անդրկովկասը ընդդէմ թուրք բանակին:
«Ժուռնալ տը Փարի»ի զինուորական թղթակիցը՝ Հ. Պարպի, որ այս պայքարի ականատես վկան եղաւ, հետեւեալ ձեւով ոգեկոշած է զայն. «Թիւով, ռազմական իրեղէններով եւ կազմակերպութեամբ շատ աւելի գերազանց թուրք բանակին դէմ անհաւասար կռիւը սկսած էր: Պիտի տեւէր եօթը ամիս, մինչեւ իսկ ինը ամիս, որովհետեւ երկարաձգուեցաւ մինչեւ 1918-ի Սեպտեմբեր ամիսը, Պաքուի հերոսական դիմադրութեամբ, որոնց ընթացքին, Դաշնակիցներէն հեռու եւ առանց ստանալու անոնց կողմէ խոստացուած օժանդակութիւնը, առանձին, ամէնէն ողբերգական վայրկեանին լքուած վրացիներէն, քիւրտ եւ թաթար միւս դրացիներէն հետապնդուած, մարտիրոս հին ժողովուրդը հերոսաբար դիմադրեց, ոչ թէ թուրքերուն յաղթելու յոյսով, այլ կասեցնելու անոնց յառաջխաղացումը դէպի երկրին ներսերը եւ սպասելու Դաշնակիցներու մեծ յաղթանակի ժամուն»:
Հայկական բանակը պաշտպանեց Երզնկան (1918 Փետրուար), ապա Էրզրումը (1918 Մարտ) թրքական բանակին դէմ: Երիտասարդ թուրք վարիչներ, համաթուրանականութեան իրենց իտէալը վերջապէս իրագործելու երազով, իրենց լաւագոյն զօրաբաժինները կեդրոնացուցեր էին այս ճակատին վրայ: Միջագետք ուղարկուած բրիտանական զօրաբանակը, որ 400.000 զինուոր կը հաշուէր եւ Պաղտատին տէրն էր 1917-էն ի վեր, չկատարեց իր պարտականութիւնը չյառաջանալով դէպի Մուսուլ, շփում հաստատելու համար հայ բանակին հետ, Վանայ լճի շրջանին մէջ եւ այսպէսով հայ բանակին վրայ ձգեց կռուին ամբողջ ծանրութիւնը:
Տեւաբար նորոգուող թրքական պահեստի ուժերուն առջեւ, հայ բանակը մինչեւ ծայրագոյն աստիճանը կռուելէ ետք, ստիպուեցաւ 1914-ի ռուս-թրքական նախկին ճակատին վրայ անցնիլ:
''Պրեստ-Լիթովսքի'' մէջ, 1918 Մարտին, Խորհրդային Ռուսիան ստիպուեցաւ ընդուներլու գերման կայսերապաշտութեան պայմանները, որոնք իր դաշնակից Թուրքիոյ ապահովեցին Թրքահայաստանը, ինչպէս նաեւ Ռուսահայաստանի մէկ մասը,- Կարսի եւ Արտահանի շրջանները:
Թուրք բանակները շարունակեցին իրենց յառաջխաղացքը դէպի Անդրկովկաս: Սարըղամիշի եւ Նովօ Սելիմի շրծաններուն մէջ կատաղի կռիւներէ ետք, անոնք Ապրիլ 25-ին մտան Կարս:
Անդրկովկասի կառավարութիւնը, որ մինչ այդ երկրին անկախութիւնը հռչակած էր, ստիպուեցաւ ճանչնալ Կարսի, Արտահանի եւ Պաթումի յանձնումը Թուրքիոյ, Դաշնակիցներու համաձայնութեամբ, որովհետեւ այս վերջինները չէին կրնար զինուորական որեւէ օժանդակութիւն ընծայել, իրենց բանակներուն հեռաւորութեան պատճառով: Սակայն երբ Պաթումի մէջ հաշտութեան հետ, 1918-ի սկիզբը, թուրքերը խաղաղութեան այնպիսի պայմաններ դրին, որոնք Պրեստ-Լիթովսքի դաշնագրի տրամադրութիւններէն շատ աւելի անդին կ'անցնին: Անոնց դրած պայմաններուն նպատակն էր անդամահատել Ռուսահայաստանի մնացեալ մասը եւ թրքական թափանցումին ճամբայ բանալ մինչեւ Պաքու:
Լքուած վրացիներէն եւ ազրպէյճանցիներէն, հայերը շարունակեցին կենաց-մահու կռիւ մը, որմէ կախում ունէր իրենց ազգային գոյութիւնը: Հայ բանակի սպարապետը՝ զօր. Նազաբէկեան գերագոյն կոչ մը ուղղեց հայ բանակին. «Թրքական լուծին տակ մեր դարաւոր ստրկութենէն մեր երկիրը, մեր ազատութիւնը եւ մեր պատիւը, զէն ի ձեռին, արժանի չենք ուրեմն իբրեւ ազգ ապրելու»:
Հետագայ օրերուն հայ բանակը, որ ԺԴ. դարէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը կռուէր դարձեալ իր ազգային դրօշին ներքեւ, բեկանելով այսպէս, ի նպաստ իր հայրենիքին, ժամանակի եւ պատմութեան վճիռը, '''Ղարաքիլիսէի''', զոր Ա. Ահարոնեան երկրորդ Աւարայր կոչեց, '''Սարդարապատի''' (որ ազատեց Երեւանը) եւ '''Բաշ Աբարանի''' մէջ թուրք բանակին դէմ ցոյց տուաւ այնպիսի դիմադրութիւն մը, զոր կարելի չեղաւ խորտակել եւ որ հայ ազգային Պետութեան մը գոյութիւնը ապահովեց:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը հռչակուեցաւ 1918 Մայիս 28-ին, անդրկովկասեան կառավարութեան լուծումէն ետք:
1918 Յունիս 4-ին, '''Պաթումի դաշնագրով''', թուրք կառավարութիւնը կը ճանչնար հայկական նոր Պետութիւնը, որ կը բաղկանար երեւանի շրջանի մէկ մասէն եւ Սեւանի շրջանէն, թուրքերու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող գաղտնի համաձայնութեան պատճառով: Անոնք իրենց մէջ բաժնեցին Ռուսահայաստանի մնացեալ մասը:
Հայկական կարգ մը գունդեր կռիւը շարունակեցին՝ Անդրկովկասի մէջ դիմադրութիւնը երկարաձգելու նպատակով մինչեւ Դաշնակիցներու յաղթանակը ֆրանսական ճակատին վրայ: Այսպէս, զօր. Անդրանիկ յաղթահարելով բոլոր արգելքները, իր զօրագունդով անցաւ Զանգեզուրի լեռնային շրջանը, ուր յաջողեցաւ մնալ մինչեւ 1918 Նոյեմբեր 11-ի զինադադարը, Կովկասի մէջ Դաշնակիցներու դատին համար պայքարող վերջին կորիզը ներկայացնելով:
Անդրկովկասի մեծ մասին տիրացած՝ գերմանացիներն ու թուրքերը իրենց կարելին ըրին հնարաւոր արագութեամբ տիրանալու համար քարիւղի մեծ կեդրոնին, բայց բախեցան Պաքուի դիմադրութեան՝ հայկական բանակին առջեւ:
Երբ Դաշնակիցներու յաղթանակը ապահովուեցաւ վերջապէս 1918 Հոկտեմբեր 30-ին, Թուրքիոյ հետ կնքուած '''Մուտրոսի''' եւ Գերմանիոյ հետ կնքուած 1918 Նոյեմբեր 11-ի զինադադարով, հայ ժողովուրդը իրաւունք ունէր յաւակնելու, թէ իր զոհողութիւններով եւ զէնքով նպաստած էր այս յաղթանակին: Դաշնակիցներու շարքերուն մէջ կռուած բոլոր ազգերէն որեւէ մէկը կռիւը չէր շարունակած այնպիսի յուսահատ պայմաններու մէջ, մեկուսացած դաշնակից բանակներէն, վճռական վայրկեանին լքուած իր քրիստոնեայ դրացիէն՝ Վրաստանի կողմէ: Եւ այս գերմարդկային ճիգն է, որ նուիրագործած է Հայկական Դատը:
== Հայաստանի Յարութիւնը ==
1918-ի Յունիսի սկիզբը, առաջին կառավարութիւնը, որ մարմին առած ըլլայ Հայաստանի բարձրաւանդակին վրայ Բագրատունեաց անկումէն ասդին, ժողով մը կը գումարէր Երեւանի մէջ: Հայաստան այսպէսով, յանդուգն ձեռքով մը կը վերամիացնէր իր պատմութեան կտրուած թելը: Գրիգոր Լուսաւորիչի հայրենիքն էր, որ յարութիւն կ'առնէր 1918 տարուան ընթացքին: Հայ ժողովուրդի հրաշազօր կենսունակութիւնը ըմբռնելու համար, պէտք է աչքի առջեւ ունենալ այս ահաւոր պատմութեան յարաշարժ փոփոխութիւնները: Կարելի է իրապէս ըսել, թէ հայկական հրաշք մը գոյութիւն ունի:
Մէկ միլիոն հայեր զոհուած էին, որպէսզի ուրիշ միլիոն մը հայեր կարենան ապրիլ իբրեւ ազատ մարդիկ: Ո՞ր ժողովուրդն է, որ իր անկախութիւնը ձեռք բերած է այս գինով: Ոչ իսկ Յունաստանը, որ ԺԹ. դարու սկիզբը 300.000 մարդկային կեանքեր կորսնցուց իր անկախութեան պատերազմին մէջ, ապահովելու համար 1830-ի 700 հազար հոգինոց յոյն փոքրիկ պետութեան գոյութիւնը:
10.000 քառ. քլմ. տարածութեամբ այս հողամասին վրայ, որուն բնակչութիւնը 1914-ին կը հասնէր 300.000-ի, բայց որ հիմա աւելի քան մէկ միլիոն բնակիչ կը հաշուէր՝ հարիւր հազարաւոր գաղթականներուն պատճառով, հայկական կառավարութիւնը մեծագոյն դժուարութեանց դէմ յանդիման կը գտնուէր:
Հակառակ երկիրը խեղդող սոսկալի դժուարութեանց, կառավարութիւնը գործի անցաւ՝ մեծ հայրենասէր '''Արամ Մանուկեանի''' տուած մղումով: Սովն ու թիֆիւսը բազմաթիւ զոհեր խլեցին մինչեւ որ ամերիկեան ցորենի առաջին առաքումները, 1919-ի գարունէն սկսած, հնարաւոր դարձուցին գոհացում տալ այս գերբնակուած փոքրիկ երկրի կարիքներուն:
Կառավարութիւնը մեծ կորովով աշխատանքի ձեռնարկեց եւ իրագործեց խաղաղարարական, կազմակերպչական եւ վերաշինութեան գործ մը: Վարչական մեքենայ մը ստեղծուեցաւ, բանակը կազմակերպուեցաւ, համալսարան մը հիմնուեցաւ եւ տնտեսական զարգացման առաջին հիմերը նետուեցան:
Գերմանիոյ եւ իր զինակիցներուն վրայ Դաշնակիցներու տարած յաղթանակին հետեւանքով, հայ բանակը 1919-ին վերագրաւեց Ալեքսանդրապոլիսի եւ Կարսի շրջանները: Այս վերջինը մասնաւորաբար շատ կարեւոր էր նոր պետութեան համար, որովհետեւ հոն կը գտնուէին երկիրը արմտիքով պարենաւորող ցորենի դաշտերը:
Թուրքերու նահանջէն ետք կարճատեւ պատերազմ մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ՝ Բորչալուի եւ Ախալքալաքի շրջաններուն տիրացման համար: Այս պատերազմը վերջ գտաւ վրացիներու պարտութեամբ: Ղրաբաղի շրջանի տիրացման հարցին շուրջ ալ կռիւ մը ծագեցաւ Ազրպէյճանի հետ:
Միւս կողմէ՝ Ռուսահայաստանի գրաւուած շրջանները պարպելով, թուրքերը զինած էին տեղւոյն թուրք, թաթար եւ քիւրտ բնակիչները: Թուրք սպաներով եւ թրքական սպայակոյտի կողմէ ղեկավարուած այս բնակչութիւնները փարթիզանական պատերազմի մը ձեռնարկեցին, նպատակ ունենալով տկարացնել Հայաստանը եւ ստիպել, որ ան հրաժարի Թրքահայաստանի իր հողային պահանջներէն: Այս տեսակէտով թուրքերը կազմակերպած էին մասնաւորապէս Նախիջեւանի շրջանը, որուն մեծ կարեւորութիւն կ'ընծայէին, զայն նկատելով յառաջապահ խարիսխ մը՝ համաթուրանական իրենց քաղաքականութեան ապագայ գործադրութեան համար:
Հակառակ այս բոլոր դժուարութեանց, հայկական կառավարութիւնը, 1918-էն 1920 յաջորդաբար գլխաւորուած '''Քաջազնունիի''', '''Խատիսեանի''' եւ '''Օհանջանեանի''' կողմէ, աստիճանաբար հաստատեց կարգն ու ապահովութիւնը, վերաշինեց հաղորդակցութեան ճամբաները եւ զարկ տուաւ երկրագործութեան:
1919 Մայիս 28-ին, այսինքն անկախութեան առաջին տարեդարձի օրը, հայկական կառավարութիւնը համաձայն հայկական խորհրդարանի եւ Թրքահայոց համագումարի տուած որոշումներուն, հռչակեց '''Թրքահայաստանի միացումը Հայաստանի Հանրապետութեան''':
1920-ին երկրին տնտեսական կացութիւնը զգալի բարելաւում արձանագրեց, շնորհիւ հայ գիւղացիի յամառ ճիգերուն: Հայ գիւղացիութիւնը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ ապահովութեան եւ ազատութեան կարճատեւ շրջան մը բաւարար է իրեն, որպէսզի աւերակները նորոգէ եւ բարգաւաճութիւն ստեղծէ:
Վերաշահուած անկախութեան զգացումը ըլլայ երկրին մէջ եւ ըլլայ գաղթաշխարհը տարածքին վրայ՝ հայ ժողովուրդը կ'ոգեւորէ հզօր հայրենասիրութեամբ մը:
Արտասահմանի բոլոր հայ գաղութներէն, Վրաստանէն, Պոլիսէն, Պալքաններէն, Եգիպտոսէն, Եւրոպայէն, Ամերիկայէն նուիրատուութիւններ եւ դրամագլուխ կը հասնէին դէպի Հայաստան, ինչպէս պաեւ կամաւորներ՝ որոնք կը փափաքէին մասնակցիլ նոր Պետութեան պաշտպանութեան եւ վերակառուցման գործին:
== Ծանօթագրութիւններ ==
«''Հայոց Պատմութիւն, Հրանդ Փաստրմաճեան, Դ. Տպագրութիւն''»All content in the above text box is licensed under the Creative Commons Attribution-ShareAlike license Version 4 and was originally sourced from https://hyw.wikipedia.org/w/index.php?oldid=109126.
![]() ![]() This site is not affiliated with or endorsed in any way by the Wikimedia Foundation or any of its affiliates. In fact, we fucking despise them.
|