Revision 111551 of "Քնարերգական Սեռ" on hywwiki

'''Քնարերգական սեռին''' մէջ կը մտնեն հետեւեալ տեսակներ.

=== Հովուերգութիւն ===
Հովուերգութիւնը ([[Յունարէն|յուն]]. ''Eidyllion-փոքրիկ բանաստեղծութիւն'') ընդհանրապէս չափածոյ, երբեմն ալ արձակ գործ է, ուր կը պատկերուի բնութեան մէջ երջանիկ ու անհոգ ապրող գեղջուկներու, հովիւներու, ձկնորսներու կեանքն ու մաքուր սէրը։ Հոն ընդհանրապէս երանաւէտ մթնոլորտ կը տիրէ ու կը բացակային կեանքի ծանր կողմերը, արատները։ Ծագած է հին [[Յունաստան]] ու [[Հռոմ]], սակայն հետագային ընդհանրացած է՝ նաեւ իր մէջ ներառելով կեանքի հակասական կողմեր։ 

Հայ գրականութեան մէջ հովուերգութեան օրինակներ են [[Աւետիք Իսահակեան|Իսահակեանի]] «Ալագեազի մանիներ»-ը, [[Լեւոն Շանթ|Շանթի]] «Լերան աղջիկը», [[Դանիէլ Վարուժան|Վարուժանի]] «Հացին երգը» գործերը։ Այս սեռը ներկայիս գրեթէ դադրած է գոյութիւն ունենալէ։ 

=== Ներբող ===
Ներբող ([[Յունարէն|յուն]]. ''ode- երգ''), ներբողը ոեւէ նշանաւոր անձի կամ իրադարձութեան մասին գովաբանական կամ փառաբանական բնոյթի բանաստեղծութիւն է։ Զարգացած է հին [[Յունաստան]] եւ [[Հռոմ]], ունեցած է տարբեր նիւթեր եւ կատարուած է երգչախումբի ու երաժշտութեան ընկերակցութեամբ։ Հետագային լայն ընդունելութիւն գտած է դասական շրջանի գրողներէն։ Հայ գրականութեան մէջ այս սեռը կոչուած է նաեւ ձօն։ Նմանօրինակ քերթուածներ են [[Եղիշէ Չարենց|Եղիշէ Չարենցի]] «Տաղ՝ ձօնուած գրքերին», «Տաղ՝ ձօնուած բնութեան», «Տաղ՝ ձօնուած մանրանկարիչներին» քերթուածները, [[Դանիէլ Վարուժան|Դանիէլ Վարուժանի]] «Ձօն»-ը՝ նուիրուած հայրենիքին եւ անոր ազատութեան մարտիկներուն։

Ձօն կրնայ կոչուիլ նաեւ ամբողջական գիրք մը, ինչպէս՝ [[Յովհաննէս Շիրազ|Յովհ. Շիրազի]] «Յուշարձան մայրիկիս» հատորը։ Ձօն կը կոչուի նաեւ մէկու մը ստեղծագործութիւն մը նուիրելու համար սկիզբը գրուած մակագրութիւնը։

=== Եղերերգութիւն ===
Եղերերգութիւն ([[Յունարէն|յուն]].elogos-տրտունջ), եղերերգութիւնը քնարական սեռի պատկանող՝ թախծոտ տրամադրութիւն արտայայտող բանաստեղծութիւն է։ Ծագած է հին Յունաստան, ապա տարածուած է նոր գրականութեան մէջ։ Եղերերգութիւն կը գրէին անձնական կամ ընկերային անարդարութիւններէն, հալածանքներէն, իշխանութեան ճնշումներէն դժգոհ բանաստեղծները՝ արտայայտելով իրենց ապրած ներքին ողբերգութիւնը։ Հոն յաճախ տեղ կը գտնեն նաեւ փիլիսոփայական խոհեր։

Հայ գրականութեան մէջ եղերեգութիւնը մեծ տեղ ունի։ Այդ սեռին կը պատկանին [[Վահան Տէրեան|Վ. Տէրեանի]] «Աշնան մեղեդի», «Ինձ թաղէք, երբ կարմիր վերջալոյսն է մարում» եւ այլ գործեր, [[Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան|Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի]] «Գարուն», [[Պետրոս Դուրեան|Պետրոս Դուրեանի]] «Լճակ», «Իմ մահը» եւ այլ քերթուածներ։

=== Էպիկրամ ===
Էպիկրամ ([[Յունարէն|յուն]]. epigramma- մակագրութիւն), էպիկրամը փոքրածաւալ երգիծական բանաստեղծութիւն է, որ նոյնպէս ծագած է հին [[Յունաստան]]։ Սկզբնապէս ան աստուածներու կամ նշանաւոր անձերու մասին ամփոփ գովերգութիւն էր՝ գրուած շէնքերու, տաճարներու պատերուն, արձաններու կամ սափորներու վրայ։ Այն կը գործածուէր նաեւ որպէս դամբանական խօսք կամ տապանաքարի մակագրութիւն (epidafia)։ Հետագային սեռը ստացած է երգիծական- քննադատական բնոյթ, ուր խիտ ու սրամիտ տողերով կը ծաղրուէր հակառակորդ անձի թերութիւնները՝ երբեմն ուղղակի անուանական։ 

Սեռը օգտագործուած է հետագայ բանաստեղծական սերունդներու կողմէ։ Հայ գրականութեան մէջ սուր էպիկրամներ ունի [[Եղիշէ Չարենց|Եղիշէ Չարենցը]], ինչպէս՝
{{քաղուածք|Հարց ու պատասխան

-Այսինչի մասին ինչո՞ւ չէք մի սուր էպիկրամ հիւսել։-

-Օ՜, ես չեմ սիրում ձեռքերս կեղտոտ բաների քսել։-
|}}



{{քաղուածք|Էպիտաֆիա

Աստ հանգչի-(անուն)։-նայիրեան երկրի քննադաստը մեծ,

Որ երկա՜ր ապրեց, բայց հերոսաբար ոչինչ չգրեց։-

Խոնահի՛ր գլուխդ, օտարակա՛ն, այս քարի առաջ.-

Այստեղ նայիրեան հանճարն է հանգչում՝ կրկնակի մեռած։-
|}}

=== Ուղերձ ===
Նշուած սեռերէն զատ, մասամբ քնարական սեռի կը պատկանի նաեւ ուղերձը, ուր հեղինակը նիւթի մը կապակցաբար իր խոհերն ու յոյզերը կ’արտայայտէ չափածոյ նամակի միջոցով։ Ուղերձ են Չարենցի «Թուղթ Ակսէլ Բակունցին», «Թուղթ բանաստեղծ բարեկամիս...» քերթուածները, ուր ան կ’արծածէ հայ բանաստեղծութեան դերի ու հետագայ ուղիի հարցերը։ 

=== Փարոտիա ===
Փարոտիան (յուն. parodia –ծաղրանմանութիւն) կրնայ հանդիպիլ ե՛ւ քնարերգութեան, ե՛ւ արձակի մէջ։ Օգտագործելով այլ հեղինակի ստեղծագործութեան գեղարուեստական ձեւերը (տաղաչափութիւն, լեզուական տարրեր)՝անոր արտայայտած գաղափարին ճիշդ հակառակ գաղափար կ’արծարծէ, չափազանցուած ձեւով՝ ընդգծելով անոր թերութիւնները։ Օրինակ՝ [[Յովհաննէս Յովհաննիսեան|Յովհ. Յովհաննիսեանի]] «Իմ հայրենիքը տեսե՞լ ես, ասա՛» քերթուածին [[Յովհաննէս Թումանեան|Յովհ. Թումանեանը]] պատասխանած է իր «Պարոտիա» քերթուածով, ուր կրկնելով անոր համարներու առաջին երկտողերը, յաջորդող երկտողերու մէջ անոր խիստ հակասող պատկերներ կու տայ՝

{{քաղուածք|Տեսե՞լ ես արդեօք այն բլուրները,

Ու ճոխ ծաղկում է մշտական գարուն,---
|Յ.Յովհաննիսեան}} 

{{քաղուածք|Ուր թալանում են մերոնք ու այլերը, 

Ուր հոսում է միշտ արցունք ու արիւն։---
|Յ. Թումանեան}}

== Աղբիւրներ ==
*Ջրբաշեան Է․ Գրականութեան տեսութիւն, 5-րդ հրատ․, Երեւան, 1980։