Revision 170689 of "Կարօ Մեհեան-Ղազարոսեան" on hywwiki

{{միացնել|Կարօ Մեհեան}}
{{Տեղեկաքարտ Անձ
| անուն ազգանուն = Կարօ Մեհեան-Ղազարոսեան
| բնագիր ԱԱՀ = 
| պատկեր = 
| չափ = 
| նկարագրութիւն = 
| ծնած է = 1898
| ծննդավայր = Ռոտոսթօ
| վախճանած է = 
| մահուան  վայրը = 
| քաղաքացիութիւն = 
| հպատակութիւն = 
| ազգութիւն = Հայ
| ալմա մատեր =
| կրօնք = Քրիստոնեայ
| ազդուած է = 
| ազդած է = 
| գրքեր = «Վերջալոյսի տակ» «Ասուր Նազիր Աբալ» «Պզտիկ մեղքեր» <br> «Ալեծուփ Զուրեր»
| աշխատանք = 
| կարողութիւն = 
| մասնագիտութիւն = Ուսուցիչ
| ամուսին = 
| ծնողներ = 
| երեխաներ = 
| պարգեւներ և մրցանակներ = 
| կայքէջք = 
| ստորագրութիւն =
}}
'''Կարօ Մեհեան-Ղազարոսեան''' (1898) Ծնած է [[Ռոտոսթօ]], Թուրքիոյ եւրոպական գօտիին մաս կազմող երբեմնի հայաշատ այս քաղաքին մէջ եւ յաճախած է տեղւոյն ազգային վարժարանն ու թրքական «իտատի»ն (երկրորդական վարժարան), ապա [[Պոլիս|Պոլսոյ]] «Արդի վսւրժարան»ը՝ որուն ընթացքը աւարտած է 1914-ին, աշակերտելով [[Ռուբէն Զարդարեան]]ի։

== Կենսագրութիւն ==
Աոաջին աշխարհամարտի տարիներուն, կը ձերրակալուի եւ կ'աքսորուի անապատ. օգտուելով զինադադարէն՝ կը վերադաոնայ թէեւ եւ կը լծուի արւեւտրական ու հանրային գործունէութեան, սակայն 1922-ին կը լքէ [[Թուրքիա]]ն եւ վերջնապէս կը հաստատուի [[Պուլկարիա]]՝ մինչեւ երկրորդ աշխարհամարտ նուիրուելով ուսուցչական, գրական եւ հրապարակագրային աշխատանքներու։

Տակաւին երիտասարդ՝ գրական - հրապարակագրային սկզբնական փորձերը կ՝ընէ «ճակատամարտ»ի մէջ։ Պոլսէն անցնելէ ետք [[Պուլկարիա]], աշխատանքի ազնիւ կիրքով մը կը թերէ իր աշխատակցութիւնը 1920–1940ական թուականներու Դաշնակցական մամուլին, «Յուսարեր»ի, «Յառաջ»ի, «Հայրենիք»ի, «Արմենիա»յի եւ Պոլսոյ «Ազդարար»ին, շրջան մը վարելով նաեւ խմբագրութիւնը Մելանիկի «Հորիզոն»ին։

== Մասնագիտութիւն ==
Հանրային-կուսակցական եւ գրական-հրապարակագրային կեանքի մէջ կարկառուն դէմքերէն մէկը Պուլկարահայութեան՝ Պուլկարիոյ համայնավարացումէն ետք ինք եւս կը ձերբակալուի Դաշնակցական յայտնի գործիչներու հետ եւ կ՝աքսորուի Խորհրդ. Միութիւն, ուր կալանքի տակ կը մնայ աւելի քան տասը տարի (1969-ին
հրատարակեց աքսորական կեանքի իր յուշերը՝ «Աքսորականի մը
յուշերէն» անունին տակ, Սօսեաց Տղան գրչանունով):

Աքսորէ դարձին կը հաստատուի Փարիզ, ուր կը մնայ մինչեւ այսօր՝ իրրեւ տնօրէն Հ. Յ. Դաշնակցութեան թանգարանին, միաժամանակ շարունակելով իր աշխատակցութիւնը մեր մամուլին։

Պատմուածքներու, հէքեաթներու եւ արձակ էջերու իր վաստակը տասնեւմէկ գրքոյկներով ու հատորներով հրատարակուած կը յատկանշուի իմաստասիրական, ընկերային հւ հոգեբանական մտահոգութիւններով։ Երբեմն կը մեկնի Հայոց պատմութենէն, մերթ աւանդութիւններէ, յաճախ անհատ մարդուն հւ հայ հաւաքականութեան կեանքէն, ու կը միտի ախտանշել մարդուն եւ ընկերութեան հիւանդագին հակումները, ախտագին տրամադրութիւննհրը, եւ կամ՝ նկարագրային եւ ոգեկան առողջ գիծերը Հայուն եւ Հայութեան։ Սիրոյ մարզէն մինչեւ առօրեայ կենցաղ եւ բարքեր՝ մարդ էակը իր սեւեռումին տակ կուգայ ագգային եւ ընկերային հակումներով, զգացող ու մտածող էակի ստորոգելիներով, դրական ու բացասական գիծերով, յաճախ նաեւ հակադրութիւններով հւ ինքնաժխտումեհրով։

== Թատերագրութիւն ==
Թատերագրային իր քանի մը փորձերը եւս բեմ կը բերեն նոյն թեմայէն թելադրուող տիպարներ, կիներ ու այր մարդիկ՝ որոնք ներքին պայքարով մը կ՝ ապրին, ենթագիտակցական աշխարհով յաճախ հակադրութեան մէջ են իրողապէս ապրած իրենց կեանքին հետ։

Խորացումի, իմաստասիրական վերլուծումի իր շեշտուած կարողութհան՝ [[Կարօ Մեհեան]] կը միացնէ լեզուական արտայայտութեան ուշագրաւ վարպետութիւն մը։ Պատմելու գրքունակ կերպէն ձերբազատ՝ կ'իմաստասիրէ. կը թելադրէ, կը մղէ ընթերցողը դէպքերէն ու դէմքերէն անդին հոգեկան վիճակներ, մարդկային տենչեր եւ ձգտումներ, կեանքի իմացումներ եւ բարքեր տեսնելու։

Սփիւռքեան կեանքի մէջ հայ մարդուն ազգային-ոգեկան ընկրկումները, յատկապէս նիւթական բարօրութեան հակադրուող նկարագրային խաթարումները լուսարձակի տակ կ՝ առնուին իր պատմուածքներէն շատերուն մէջ։ Այս նոյն մտասեւեռումէն թելադրուած են իր կարգ մը այլ հատորիկները («Ապազգայնացման վտանգը»), ինչպէս նաեւ առօրեայ եւ պարբերական մամուլի մէջ հրատարակուած արձակ էջեր։

== Գործերէն ==
Գլխաւոր գործերն են «Վերածնունդի Օրերէն» (1924), «Վերջալոյսի տակ» (թատերակ, 1926), «Ասուր Նազիր Աբալ» (հէքեաթ, 1933), «Պզտիկ մեղքեր» (1936), «Իմաստութեանց Ուղիով» (Ա. գիրք, 1959), «Իմաստութեանց Ուղիով» (Բ. գիրք, 1962)։ Վերջին այս երկու գործերէն հատընտիրներու հաւաքածոյ մը, անգլերէնի
թարգմանուած, հրատարակուեցաւ 1974-ին։ «Ալեծուփ Զուրեր» (1973)<ref>{{Գիրք:Դար մը գրականութիւն|Բ|էջ}}</ref>։

== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}

{{DEFAULTSORT:Մեհեան-Ղազարոսեան, Կարօ}}