Revision 181192 of "Հայկազ Քհնյ. Մասոյեան" on hywwiki{{Տեղեկաքարտ Անձ
| անուն ազգանուն =Հայկազ Քհնյ. Մասոյեան
| բնագիր ԱԱՀ =
| պատկեր =
| չափ =
| նկարագրութիւն =
| ծնած է =
| ծննդավայր =
| վախճանած է =
| մահուան վայրը =
| քաղաքացիութիւն =
| հպատակութիւն =
| ազգութիւն =
| ալմա մատեր =
| կրօնք =
| ազդուած է =
| ազդած է =
| գրքեր =
| աշխատանք =
| կարողութիւն =
| մասնագիտութիւն =
| ամուսին =
| ծնողներ =
| երեխաներ =
| պարգեւներ և մրցանակներ =
| կայքէջք =
| ստորագրութիւն =
}}
'''Հայկազ Քհնյ. Մասոյեան''',
Մարկոս չկրցաւ սակայն սպասել Թոփիկին, ոչ ալ դդումի լիցքին։ Առաւօտ կանուխ հիւանդապահուհի մը եկաւ իրեն լուր տալու, որ կրնար իսկոյն ելլել հիւանդանոցէն։ Մարկոս շուարեցաւ, մինչեւ իսկ, պիտի ըսեմ, ուզեց առարկել, յայտնելու համար որ կը նախնտրէր օր մը եւս մնալ։ Չարտօնեցին։ Երկու ժամուան մէջ պատրաստեցին, հագուեցուցին ու տուն ղրկեցին։ Սրտիս մէջէն թել մը փրթաւ կարծես, երբ ան յուզուած՝ եկաւ ու համբուրեց զիս մեկնելէ առաջ։
- Դուն ալ Աստուծմով ժամ առաջ կ'ելլես, ախպարս, ըսաւ։
Եւ իրական արցունքներ կային իր աչքերուն մէջ, երբ կ'արտասանէր այս խօսքը։ Իմ ալ աչքերուս թրջուիլը զգացի։ Երբեք չէի կրնար երեւակայել, թէ Մարկոսը, այն Մարկոսը որ այնքան անհանդուրժելի թուած էր ինծի, այն՝ որ իր որկրամոլութեամբ եւ շատախօսութեամբ այնքան յաճախ զզուանք պատճառեր էր, այսքան կրնար զիս յուզել բաժանումի սեմին վրայ։
- Երթաս բարով, ըսի խեղդուող ձայնով մը, երթաս բարով, եւ լաւ նայիս դուն քեզի։ Հա՞, մի մոռնար, լաւ նայիս...
Գլխովը կը հաստատէր ու արցունքները կը սրբէր։ Է՜յ Աստուած, ի՞նչ եղած էր այս կոշտ ու անտաշ մարդոուն, ինչպիսի՞ խորհրդաւոր կայծ մը ինկած էր անոր հոգիին խորը, զայն բռնկցնելու համար մարդկային ջերմութեամբ մը, մարդկային կրակով մը, որ զարմանք կը պատճառէր ինծի եւ կը յուզէր զիս։ Այն Մարկոսը, զոր ճանչցեր էի եւ այս սենեակին փոքր տարածութեանը մէջ, սա պահուն պէտք էր մեկնէր ուրախութեան քրքիջներ արձակելով, պաղ կատակներ ընելով շուրջիններուն, ամբողջ հիւանդանոց մը ոտքի հանելու չափ բարձրաձայն աղաղակելով։ Մինչդեռ Մարկոս գամուած էր կարծես այս փոքր տարածութեան մէջ, երթալ չէր ուզեր իբրեւ թէ, եւ կը նայէր եթէ բաժնուելու ըլլար իր քառասուն տարուան հարազատ եղբօրմէն։
- Է՜յ Մարկոս, պոռացի յանկարծ, երբ դռնէն ելլելու պատրաստուեցաւ։
Կեցաւ, ետ նայեցաւ հարցական նայուածքով մը։
Մեծ ճիգ մը վատնելով դարձայ դէպի դրան կողմը եւ խնդացի.
- Հասցէդ ունիմ, ըսի, քեզի անպայման Սաթենիկին Թոփիկէն պիտի ղրկեմ, գիտցած ըլլաս։
Գլխովը հաստատեց։
- Լաւ լուրերդ ինծի կը բաւեն, ըսաւ ու քալեց գնաց։
Գնաց Մարկոս, եւ ես հիմա, նայելով անկէ թափուր մնացած անկողինին, որ վստահ եմ պիտի լեցուի ամենակարճ ժամանակի ընթացքին, կը մտածեմ մարդկային յուզումնալից կատակերգութեան վրայ։
Ինչ կատակերգութիւն, աստուած իմ։ Խորհիլ, որ Մարկոս լացուց զիս։ Եւ ինչ ըրաւ ինձմէ այդ արցունքը խլելու համար։ Համբուրեց զիս։ «Ժամ առաջ դուն ալ կ'ելլես, ախպարս» ըսաւ ինծի։ Եւ այս «ախպար» բառը, որ տեզի անտեղի, որը տասն անգամ կը ջղայնացնէր զիս, այս անգամ սիրտէս զարկաւ զիս։ Ո՞րն է ճշմարիտ պահը, իրական պահը, երկու մարդոց երկարատեւ փոխ յարաբերութեան մէջ։ Ո՞ւր թաքնուած կ'ըլլար այդ պահը, պարապի անցնող, հոսող գացող սովորական անհամար ժամերու եւ օրերու ընթացքին։ Եւ պատասխանը սապէս կու տայի. իրական պահը սա վերջինն էր։ Մնացեալները խաբէական էին, սուտ, կեղծ<ref>{{Գիրք:Ժամանակակից իսթանպուլահայ գրողներ|350}}</ref>։
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{DEFAULTSORT:Մասոյեան, Հայկազ}}All content in the above text box is licensed under the Creative Commons Attribution-ShareAlike license Version 4 and was originally sourced from https://hyw.wikipedia.org/w/index.php?oldid=181192.
![]() ![]() This site is not affiliated with or endorsed in any way by the Wikimedia Foundation or any of its affiliates. In fact, we fucking despise them.
|