Difference between revisions 138979 and 138980 on hywwiki{{ Տեղեկաքարտ Անձ | անուն ազգանուն = | բնագիր ԱԱՀ = | պատկեր = | չափ = | նկարագրութիւն = | ծնած է = 1915 | ծննդավայրը = Խտըր¬Պէկ, Մուսա Լեռ (contracted; show full) Անցեալին նայեցաւ ու նուաճուած արժէքներուն փարեցաւ՝ ներկայի խնդիրները ուղիղ ճակատէն դիմագրաւելու, ինքնահաւատարմութեամբ առաջնորդուելու եւ նոր ժամանակներուն հետ քայլ պահելու, վաղուան սեփական ուղին հարթելու հաստատակամութեամբ։ Բայց մանաւանդ անխոնջ պայքարող մը եղաւ ընդդէմ կեղծ արժէքներուն՝ խարանելով փարիսեցիական «պաշտամունքը» հայ մշակոյթին, գրականութեան ու ազգային աւանդներուն։ == Մեծ Եղեռնի քառասնամեակին առիթով գրուած Եդուարդ Պոյաճեանի «Արիւն ու Խելք» յօդուածը ==⏎ ⏎ Սփիւռքահայ տաղանդաւոր բանաստեղծին յիշատակը ոգեկոչելով՝ ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնենք Մեծ Եղեռնի քառասնամեակին առիթով գրուած Եդուարդ Պոյաճեանի «Արիւն ու Խելք» յօդուածը.¬⏎ ⏎ ⏎ ⏎ ⏎ '''Արիւն ու Խելք''' Ապրիլ 24ի Եղեռնը բախեցաւ մեր ազգային հոգեկան արժէքներու հզօր դիմադրականութեան: Ընդհանրական ոճիրներու եւ կոտորածի մոլութիւն ունեցող մեր թշնամին հալածեց մեզ, եւ սուրիական անապատներու սգապատ տարածքներուն վրայ անոր բովանդակ քսութիւնը դպաւ հայկական կամքի հազարամեայ պրոնզին: Ընկրկեցաւ:Նահանջեց: Պարտուեցաւ: Ապրեցանք մենք… նաեւ ապրիլ 24էն ետք: (contracted; show full)Վասնզի կեանքին բոլոր զէնքերը մաքուր արիւնի մը հետ գործող զօրաւոր խելքի մը մէջ են ի վերջոյ: Եթէ կ՛ուզենք հասնիլ մեր ազգային իտէալներուն, պէտք է տեւաբար գործակից ըլլան իրարու երկու բան.- Արիւն ու Խելք... 1955 == Աղբիւրներ == [http://archive.azator.gr/index.php/yushatetr/13911-1915-1966 Եդուարդ Պոյաճեան (1915-1966). Կորուսեալ հայրենիին իմաստասէր բանաստեղծը] All content in the above text box is licensed under the Creative Commons Attribution-ShareAlike license Version 4 and was originally sourced from https://hyw.wikipedia.org/w/index.php?diff=prev&oldid=138980.
![]() ![]() This site is not affiliated with or endorsed in any way by the Wikimedia Foundation or any of its affiliates. In fact, we fucking despise them.
|