Difference between revisions 170881 and 172069 on hywwiki

'''Նիկոլ Միքայէլեան (Վանի Իշխան) -''' (1881 Շուշի - 1915 Հիրճ Գիւղ) Ռազմիկ, ­Դաշ­նակ­ցա­կան Ա­զա­տա­մար­տի­կը, ան­պար­տե­լի ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կա­նը:<ref>{{Cite news|url=http://www.arfd.info/hy/?p=42423|title=Վա­նայ Իշ­խան (­Նի­կոլ ­Պօ­ղո­սեան, ­Մի­քա­յէ­լեան. 1883-1915). Ան­վե­հեր ­Դաշ­նակ­ցա­կան Ա­զա­տա­մար­տի­կը, ան­պար­տե­լի ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կա­նը|date=2018-04-04|newspaper=Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|language=en-US|access-date=2018-08-31}}</ref>{{Տեղեկաքարտ Ան(contracted; show full)ցաւ հերոսամարտին, կը գրէ հետեւեալ.{{քաղվածք|''Այնքան անակնկալորէն ու այնքան վայրկենական կատարուած Իշխանի եղեռնական մահը ստեղծեց պահանջուած մոմենտը: Ամէնքը, յեղափոխականն ու պահպանողը, ծեռն ու երեխան, բոլորը, բոլորը մէկ վայրկեանի մէջ, հոգեբանական զսպանակի մը ուժով զգացին, որ զէն ի ձեռին պաշտպանուելէ զատ՝ չկայ ուրիշ միջոց: Իշխանի մահը եղաւ չաղկապող, զօդող օղակը հասարակական բոլոր ուժերու, հանրային բոլոր կարողութիւններու, անիկա accumulator մը եղաւ եւ մեր դիմադրական ուժի բոլոր ակերը բացաւ մէկ կէտի վրայ
:։ Իշխանի մահը եղաւ երկաթեայ այն հարուածը՝ որ դարբնեց բոլոր կարողութիւնները եւ անոնցմէ ստեղծեց կամք մը հզօր ու ապառաժեայ՝ Ցեղի գոյութիւնը պահելու եւ յաղթանակելու անյողդողդ որոշումով մը'':|}}Անմիջապէս կե ձեռնարկուի ինքնապաշտպանութեան: Ճէվտէթ պէյի բերած կանոնաւոր բանակը, թնդանօթները, քիւրտ աշիրէթները անզօր կը դառնան խորտակելու վասպուրականցիներու գիմադրական կորովը: Ապարդիւն չէր անցած Իշխանի եւ իր ընկերներուն տարիներով տարած աշխատանքը, իսկ վերջի պահուն Իշխանի արիւնը՝ խորհրդանշանը դարձաւ կռիւի եւ յաղթանակի:

Վանի վերապրող երիտասարդութիւնը, Հայաստանի եւ գաղութներու մէջ, հետագային ցոյց տուաւ իր կրած խոր ազդեցութիւնը մտաւորական ու հայդուկ Իշխանէն:

== Ծանօթագրութիւններ ==
<references group=""></references>

== Աղբիւրներ ==

* Յեղափոխական Դէմքեր Մտաւորականներ ու Հայդուկներ, Գաբրիէլ Լազեանի, 1990 Հալէպ, էջ՝ (385-388)