Difference between revisions 172069 and 178172 on hywwiki

'''Նիկոլ Միքայէլեան (Վանի Իշխան) -''' (1881 Շուշի - 1915 Հիրճ Գիւղ) Ռազմիկ, ­Դաշ­նակ­ցա­կան Ա­զա­տա­մար­տի­կը, ան­պար­տե­լի ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կա­նը:<ref>{{Cite news|url=http://www.arfd.info/hy/?p=42423|title=Վա­նայ Իշ­խան (­Նի­կոլ ­Պօ­ղո­սեան, ­Մի­քա­յէ­լեան. 1883-1915). Ան­վե­հեր ­Դաշ­նակ­ցա­կան Ա­զա­տա­մար­տի­կը, ան­պար­տե­լի ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կա­նը|date=2018-04-04|newspaper=Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|language=en-US|access-date=2018-08-31}}</ref>{{Տեղեկաքարտ Անձ|անուն ազգանուն=Նիկոլ Միքայէլեան (Վանի Իշխան)|բնագիր ԱԱՀ=|պատկեր=Նիկոլ Միքայէլեան.jpg|չափ=|նկարագրութիւն=|ծնած է=1881-ին|ծննդավայր=Շուշի|վախճանած է=1915|մահուան  վայրը=Հիրճ Գիւղ|մահացած է=|մահուան վայրը=|քաղաքացիութիւն=|հպատակութիւն=|ազգութիւն=|ալմա մատեր=|կրօնք=|ազդուած է=|ազդած է=|գիրքեր=|աշխատանք=|կարողութիւն=|մասնագիտութիւն=|ամուսին=|ծնողներ=|երեխաներ=|պարգեւներ եւ մրցանակներ=|կայքէջ=|ստորագրութիւն=}}

== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Շուշի 1881-ին, կ'աշակերտէ տեղւոյն թեմական վարժարանին, պատանի տարիքին կը մտնէ Դաշնակցութեան մէջ։ Խառնուածքով ըմբոստ, յանդուգն եւ վճռական ուր պա­տա­նի տա­րի­քէն դրսե­ւո­րած էր քաջ, ան­վե­հեր եւ ըմ­բոստ իր նկա­րա­գի­րը: Նախ կ'անցնի Ալեքսանդրապօլ եւ Կարս, իբրեւ գործիչ: Հազիւ 21 տարեկան՝ 1903-ին կը մասնակցի Նեվրուզի խումբին. զինախումբի ընթացքին ազատուող քիչերուն մէջ էր:

Իշխան 1904-ին կ'երթայ վան, Վահան Փափազեանի հետ: Իրեն համար գործունէութեան դաշտ կ'ընտրէ մասնաւորապէս գիւղական շրջանը՝ լեռնապարը: իԻր կազմած խումբերիւը հոգեառը կը դառնան: Հալածանքներու շրջանին իսկ, Իշխան Վանի մէջ կը նուիրուի մշակութային աշխատանքի, կազմակերպելով քառաձայն երգչախումբ:

Օսմանյեան Սահամանադրութեան շրջանին կը բարեկարգէ Աղթամարի վանքը, որ ունէր բազմաթիւ կալուածներ. կը հաստատէ վարժապետանոց եւ գիւղական վարժարաններու ցանց մը: Յետադէմ ու ծոյլ կղերականներ իր դէմ անազնիւ պայքար մղեցին, առանց յաջողութիւն գտնելու:

Իշխան բազմաթիւ միութիւններու կազմութեան կը ձեռնարկէ, ամէն կողմ դասխօսութիւններ կը կազամկերպէ: Ինք կը հիմնէ Վանի [[Աշխատանք (թերթ)|Աշխատանք]] թերթը եւ տարի մը կը վարէ անոր խմբագրութիւնը: Թերթին շուրջ կը հաւաքէ Վասպուրականի երիտասարդութիւնը, որ կը տոգորուեցաւի յառաջդիմական գաղափարներով: Շնորհիւ այդ ցանքին, 1915-ի դժնդակ տարին, երիտասարդութիւնը գտնուեցաւ իր կոչումի բարձրութեան վրայ ու փարեցաւ զէնքին:

== Ահաբեկում ==
Կուսակալ Ճէվտէթ պէյ, ամէն միջոց ձեռք կ'առնէ անզօր դարձնելու Վանի հայութիւնը, նախ անուշ լեզու գործածելով եւ հաւաքելով դասալիք զինուորները: Կ'որոշէ ամեէնէն առաջ ղեկավար դէմքեր ձեռք անցընել: Շատախի մէջ պատահած խռովութիւններուն վերջ տալու համար, կուսակալը կ'ուզէ որ թուրք ոստիկաններու եւ ոստիկանապետի ընկերակցութեամբ Իշխան դէպքի վայրը մեկնի Իշխան: Ընկերները կը համաձայնին, որ Իշխան մեկնի. Ապրիլ 3-ին (1915) ճամբայ կ'ելլէ երեք զինակիցներով (Վահան Խռանեան, Պօղոս (Քոթոթ) եւ Միհրան Տէր Մարգարեան): Օր մը վերջ, երիտասարդ գործիչ Յովսէփ Խլղաթեան աղեիտալի լուրը կը հաղորդ  է վասպուրականի կեդրոնական կոմիտէին.



{{քաղվածք|''Իշխան իր երեք ընկերներով հասած է հՀիրճ գիւղը, ոՈւրբադթ օր, ուշ գիշերին եւ նախընտրած է իջեւանիլ իր վաղեմի բարեկամ Քետրիմ օղլի Ռաշիտի տունը: Մինչ Իշխանն ու ընկերները, զէնքերը վար գդրած, վայլած են Ռաշիտի ու ոստիկանապետի կեղծաւոր հիւրասիրութիւնը,. քաղաքէն, Ճէվտէթի յատուկ կարգադրութեամբ, ճամբայ ելած եւ Իշխանն ու ընկերները դաւադրօրէն սպաննելու տմարդի պաշտօնն ստանձնող 12 զինուած չէթաները՝ վրայ կը հասնին եւ սենեակը մտնելով յանկարծական կրակի կը բռնեն եւ տեղն ու տեղը կ'անշնչացնեն Իշխանն ու իր երեք ընկերները: Իշխան հազիւ ժամանակ կ'ունենայ ձեռքը ատրճանակին տանելու... Չորս ընկերներն ալ կը նահատակուին միեւնոյն վայրկեանին...''|}}



Իշխանի նահատակութեան մանրամասնութիւնները եւ վՎռամեանի ձերբակալումի լուրը կը ցնցեն Վասպուրականի հայութիւնը: Վանի երիտասարդ գործիչներէն Հմայեակ Մանուկեան, որ մասնակցեցաւ հերոսամարտին, կը գրէ հետեւեալը.{{քաղվածք|''Այնքան անակնկալոօրէն ու այնքան վայրկենական կատարուած Իշխանի եղեռնական մահը ստեղծեց պահանջուած մոմենտը: Ամէնքը, յեղափոխականն ու պահպանողը, ծեռրն ու երեխան, բոլորը, բոլորը մէկ վայրկեանի մէջ, հոգեբանական զսպանակի մը ուժով զգացին, որ զէն ի ձեռին պաշտպանուելէ զատ՝ չկայ ուրիշ միջոց: Իշխանի մահը եղաւ չշաղկապող, զօդող օղակը հասարակական բոլոր ուժերու, հանրային բոլոր կարողութիւններու, անիկա accumulator մը եղաւ եւ մեր դիմադրական ուժի բոլոր ակերը բացաւ մէկ կէտի վրայ։ Իշխանի մահը եղաւ երկաթեայ այն հարուածը՝ որ դարբնեց բոլոր կարողութիւնները եւ անոնցմէ ստեղծեց կամք մը հզօր ու ապառաժեայ՝ Ցեղի գոյութիւնը պահելու եւ յաղթանակելու անյողդողդ որոշումով մը'':|}}



Անմիջապէս կեը ձեռնարկուի ինքնապաշտպանութեան: Ճէվտէթ պէյի բերած կանոնաւոր բանակը, թնդանօթները, քիւրտ աշիրէթները անզօր կը դառնան խորտակելու վասպուրականցիներու գդիմադրական կորովը: Ապարդիւն չէր անցած Իշխանի եւ իր ընկերներուն տարիներով տարած աշխատանքը, իսկ վերջի պահուն Իշխանի արիւնը՝ խորհրդանշանը դարձաւ կռիւի եւ յաղթանակի:

Վանի վերապրող երիտասարդութիւնը, Հայաստանի եւ գաղութներու մէջ, հետագային ցոյց տուաւ իր կրած խոր ազդեցութիւնը մտաւորական ու հայդուկ Իշխանէն:

== Ծանօթագրութիւններ ==
<references group=""></references>

== Աղբիւրներ ==

* Յեղափոխական Դէմքեր Մտաւորականներ ու Հայդուկներ, Գաբրիէլ Լազեանի, 1990 Հալէպ, էջ՝ (385-388)